2015-11-27 07:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելութիւնը Քենիա` երրորդ ու վերջին օր։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 27 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քենիա կատարած առաքելական այցելութեան երրորդ օրը սկսաւ առանձնական սուրբ պատարագով ապա տեղական ժամով 8-ին (Հռոմի ժամով 6-ին) ուղղուեցաւ դէպի Քանկեմի` ուր այցելեց այնտեղ գտնուող Յիսուսեան միաբանութեան հովուական հոգատարութեան յանձնուած հիւղաւանը։

Այցելութեան վայր ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը  մուտք գործեց հիւղաւան եւ ուղղուեցաւ ժողովրդապետութեան եկեղեցի` ուր զինք դիմաւորեցին Յիսուսեան Միաբանութեան Արեւելեան Ափրիկէի նահանգապետ` Հար Աֆուլօ, Քանկեմիի ժողովրդապետը, հիւղավանին մէջ գործող մէկ կրօնաւորուհի մը եւ տեղական Քարիթասի պատասխանատու եպիսկոպոսը ինչպէս նաեւ Ափրիկէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին խաղաղութիւն եւ արդարութիւն յանձնախումբի ներկայացուցիչ եպիսկոպոսը։

Նորին Սրբութիւն նախ ստորագրեց Ոսկէմատեանը ապա տեղի ունեցաւ բարի գալուստի երգեցողութիւն, փաստագրական ֆիլմի ցուցադրութիւն, սուրբ գրային ընթերցում եւ հիւղաւանի մէկ բնակիչի ողջոյնի խօսքը հուսկ ''Մուքուրու Փրոմոշըն Սենդըրի'' պատասխանատու` Քոյր Մարի Քլինի ներկայացումը։ Ապա խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամ մը ուղղելով ներկաներուն ու մատնանշելով երեք կարեւոր նիւթերու. Ժողովրդական թաղամասերու մշակոյթը. Քաղաքային անտեսումի ահռելի անարդարութիւնը  եւ Քրիստոնեաներուն կոչ` նախաձեռնութիւններ յանձն առնելու։

Իր խօսքին սկիզբը Սրբացան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բնակչութեան` զինք ընդունելուն համար իրենց թաղամասին մէջ։ ''Ինքզինքս կը զգամ եղբայրներու եւ քոյրերու տան մէջ որոնք յատուկ տեղ կը գրաւեն իմ կեանքիս եւ իմ ընտրանքներուս մէջ'' ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով թէ ''Լաւապէս կը ճանչնամ այն դժուարութիւնները որոնց կը հանդիպիք ամէն օր։ Ինչպէս կարելի է չդատապարտել ձեր կրած անարդարութիւնները''։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց ժողովրդական թաղամասերու մէջ ապրուած արժէքներուն, որոնք գին չունին` զօրակցութիւնը, կեանքի նուիրումը, կեանքը մահուան նախընտրելը, քրիստոնէական յուղարկաւորութիւն ընծայել մահացողներուն, տան մէջ հիւրընկալել հիւանդը ու անօթիին հետ բաժնեկցիլ առօրեայ հացը։ Սրբազան հայրը այս մէկը որակեց նաեւ ժողովրդական թաղամասերու իմաստութիւնը որ կը բխի աւետարանի արժէքներէն զոր բարեկեցիկ հասարակութիւնը մոռացումի մատնած է անսանձ սպառումի մէջ մխրճուած ըլլալուն համար։ Գիտակից եղէք, յարեց Նորին Սրբութիւնը, թէ Տէրը ձեզ երբեք չի մոռնար։ Յիսուս իր քայլերը սկսաւ արուարձաններէն, ան կ՛ընթանայ դէպի աղքատը ու աղքատներուն հետ միասին դէպի բոլորը։

Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց քաղաքային անտեսումի ահռելի անարդարութիւններուն ու ընդգծեց այդ անտեսումին հետեւանքները մատնանշելով յատկապէս հողերու անարդար բաշխումին եւ ''առանց դէմքի'' անհատներու կողմէ իրագործուած հողի չարաշահումին, ինչպէս նաեւ ենթակառոյցներու պակասին` ինչպէս ջրահեռացումը, լուսաւորութիւնը, աղբերու հաւաքը, դպրոցը, հիւանդանոցը, մարզական վայրերը ու  յատկապէս խմելու ջուրը....Սրբազան Հայրը խօսեցաւ  կիներու տառապանքի մասին որոնք կը պայքարին իրենց զաւակները պահպանելու քրէական կազմակերպութիւններու վտանգներէն։ ''Այս բոլորը  մեխանիզմի կտորներ են որ կը ձգտին փոքրամասնութեան մը բարեկեցիկ կեանքը ապահովել'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու կոչ ուղղեց բոլոր քրիստոնեաներուն ու յատկապէս Հովիւներուն, վերանորոգելու առաքելական սլացքը ու յանձն առնելու նախաձեռնութիւնը` բազմաթիւ անարդարութիւններուն դիմադրելով ու մասնակցելու քաղաքացիներու հարցերուն ու անոնց թիկունք կանգնելու իրենց պայքարին մէջ ինչպէս նաեւ պահպանելու միասնական աշխատանքի պտուղները ու միասին տօնախմբելու ամէն մէկ փոքր կամ մեծ նուաճում։

Գիտեմ,  ըսաւ Սրբազան Հայրը, թէ շատ բաներ կ՛ընէք, սակայն ձեզի կը յիշեցնեմ թէ ասիկա յաւելեալ պարտականութիւն մը չէ, այլ մի գուցէ ամէնէն կարեւորը` որովհետեւ աղքատները Աւետարանի առանձնաշնորհեալ հասցէատէրերն են։








All the contents on this site are copyrighted ©.